2011-11-29 12:31:58

Երեւանի Մէջ ԱՊՀ.ի Միջկրօնական Խորհուրդի Ժողով։


Ժողովին մասնակից հոգեւոր պետերը կոչ կ՝ուղղեն հեռացնելու արձակազէնները։
Երեւանի մէջ տեղի կ՝ունենայ ԱՊՀ-ի Միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցելու նպատակով առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան ժամանեց Ազրպէյճանէն՝ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ շէյխ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ:
Նիստին շրջագիծին մէջ, եռակողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ երէկ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի եւ Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. պատրիարքի միջեւ, որոնք հանդիպումէն ետք միացեալ յայտարարութիւն մը կատարեցին:
Յայտարարութեան մէջ նշուած էր, թէ երեք հոգեւոր առաջնորդները կոչ կ՛ուղղեն ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծէն հեռացնելու արձակազէնները, որպէսզի այլեւս «արիւն չթափի»:
ԱՊՀ-ի Միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան նիստին, երէկ մասնակցեցաւ նաեւ Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ղարաբաղեան խնդիրին: Ան յայտնեց, որ հակասութիւնները եւ խնդիրները պէտք է լուծուին ոչ թէ լարման եւ սպառնալիքներու մեծացման, այլ հանդիպումներու, բանակցութիւններու եւ համագործակցութեան միջոցով: Ըստ հայրենի նախագահին. տագնապը լուծելու միակ իրատեսական ուղին Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններու հոլովոյթն է, եւ Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի շարժի այդ ճամբով, քանի որ անոր այլընտրանքը ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ դրացի երկրի ժողովուրդին որեւէ բարիք կը խոստանայ, կարելի չէ թոյլ տալ, որ երկու մեծ կրօնները` քրիստոնէութիւնը եւ մահմետականութիւնը, զորս երկու ժողովուրդները կը դաւանին, փորձել իրարու հակադրել:
Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ նոյնպէս անդրադարձաւ ղարաբաղեան տագնապին: Ան յայտարարեց, որ դժբախտաբար այսօր իրականութիւնը այն է, որ ԱՊՀ-ի տարածքին, ներառեալ Կովկասի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ ստիպուած են գաղթականի կարգավիճակով ապրիլ: Ան ըսաւ որ ՜՜Մենք ամբողջութեամբ կը սատարենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երկիրներու ղեկավարներուն եւ մեր պետութիւններու նախագահներուն ջանքերուն՝՝ ցաւ յայտնելով որ մինչեւ այսօր չէ գործադրուած ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի յայտնի բանաձեւը, եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու երկարամեայ ջանքերն ալ իրական արդիւնք չեն տուած՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.