2011-11-28 13:03:39

Հայկական Հարցերու Մասին Ուսումնաժողով


Ցեղասպանութիւն, ուրացում, Լեռնային Ղարաբաղ նիւթերու շուրջ։
Երեքշաբթի 29 Նոյեմբերին Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի Palazzo Nuovo-ի թիւ 36 սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Հայկական Հարցերու մասին միօրեայ ուսումնաժողով մը ՜՜ Ցեղասպանութիւն, ուրացում, Լեռնային Ղարաբաղ՝՝ նիւթերու մասին։
Յայտագրին պիտի մասնակցին եւ բանախօսեն Թորինոյի համալսարանի զանազան բաժանմունքներու դասախօսներ որոնք պիտի շօշափեն ՜՜Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ու Լ Ղարաբաղի իրավիճակը ՝՝ նիւթերը։
Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդէն կը մասնակցի տիար էմմանուէլէ Ալիբրանտի՝ համադրողը ՜՜Ղարաբաղի ի խնդիր նախաձեռնութեան՝՝. որ պիտի խօսի ՜՜Յիշատակութիւնը, Խօսքը եւ աշխարհի կանոնները, Մեծ Եղեռնէն մինչեւ Լ Ղ.ի իրաւունքը՝՝ նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.