2011-11-28 13:03:18

Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Եւ Եպիսկոպոսաց Խորհուրդի 45-րդ Տարեկան Ժողովը Պքերքէի Մէջ, Լիբանան ։


Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդը իր 45-րդ տարեկան ժողովը գումարեց 21-էն 26 նոյեմբեր, Պքերքէյի մէջ ։ Ժողովին մասնակցեցան մարոնիներու պատրիարքը' Պշարա Ալ Րային, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը' Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ., յոյն կաթողիկէներու Գրիգոր Գ. Լահհամ պատրիարքը, Ասորի կաթողիկէներու Իգնատիոս Եունան պատրիարքը եւ Մարոնիներու վաստակաւոր պատրիարք կարդինալ Նասրալլահ Սֆէյր։ Բացման արարողութեան մասնակցեցաւ Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ մոնսէնիոր Կապրիէլ Քաչչա։
Փակման հաղորդագրութեան մէջ, հոգեւոր պետերը քննարկեցին երիտասարդներուն ներկայ տագնապալի իրավիճակը Լիբանանի մէջ, անոնց դիրքն ու դերը Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան մէջ եւ Եկեղեցւոյ հովուական առաքելութիւնը անոնց հանդէպ։ Հոգեւոր պետերը անդրադարձան Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի ներկայ իրավիճակին, կոչ ուղղելով հանդարտ երկխօսութեան, համերաշխութեան եւ խաղաղ լուծումներու որդեգրման միջազգային օրէնքներուն համաձայն, ինչպէս նաեւ անոնք արծարծեցին Եկեղեցւոյ ներքին կազմակերպչական հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.