2011-11-27 10:29:37

Նոր Մանկապարտէզ Ախալքալաքի Վաչիան Գիւղին մէջ։


Նոյեմբեր 23ին Ախալքալաքի Վաչիան գիւղի մէջ բացուեցաւ նորակառոյց մանկապարտէզ մը: Վերջապէս կատարուեցաւ վաչիանցիներու երազանքը` եւ գիւղը ունեցաւ իր մանկապարտէզը։ ( «Ախալցխա» կայք) ։
Մանկապարտէզը կառուցուած է ծնունդով վաչիանցի, մոսկուաբնակ բարերար Լիովա Մանուկեանի բարեգործութեամբ: Ան իր հայրական օճախը յաւերժ պահելու նպատակով, հօր մահէն ետք կ'որոշէ հայրական տունը դարձնել մանկապարտէզ:
Նորաբաց մանկապարտէզին իր օրհնութիւնը բերած է Ջաւախքի ընդանուր առաջնորդական փոխանորդ Տէր Բաբգէն աբեղայ Սալպեան:
Վաչիան գիւղի նորակառոյց մանկապարտէզը նախատեսուած է մօտ 100 երախայի համար, այսօր ունի 17 աշխատող եւ կը հովանաւորուի Ախալքալաքի Քաղաքապետարանի կողմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.