2011-11-27 10:29:47

՝՝Թուրքիոյ Վարչապետին Ներողութիւնը Անիմաստ Տեղը Ականջ Կը Ծակէ՝՝, Կը Գրէ Mrkische Oderzeitung.


Տէրսիմի կոտորածներուն համար Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ներողութիւնը անտրամաբանական է: Այս մասին կը գրէ գերմանական Mrkische Oderzeitung պարբերականը:
“Էրտողանի յայտարարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, անտրամաբանական է, քանի որ թրքական բանակը մեր օրերուն (ճիշդ Տէրսիմի իրադարձութիւններուն նման), կը շարունակէ գործողութիւններ իրականացնել ինքնավարութիւն պահանջող քիւրտերու դէմ”,– կը գրէ թերթը` աւելցնելով. “Եթէ թուրք վարչապետ մը ներողութիւն կը խնդրէ, անիմաստ տեղը ականջ կը ծակէ: Նման իրավիճակի մէջ միտքդ կու գայ մօտ մէկ դար առաջ հարիւր հազարաւոր հայերու սպանդը”
Յիշեցնենք որ վերջերս Թուքրիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրեց նախկին իշխանութիւններուն կողմէ 1930-ականներուն Տէրսիմի մէջ յատկապէս քիւրտերու դէմ իրականացուած կոտորածին համար:
“Եթէ հարկ է Տէրսիմի կոտորածներուն համար պետութեան անունով ներողութիւն խնդրել, ես ներողութիւն կը խնդրեմ”,(յայտարարած էր այդ առթիւ Էրտողան):








All the contents on this site are copyrighted ©.