2011-11-26 13:16:35

Քրիստոնէական Լրատուութեան Եւ Մշակոյթի Ցուցահանդէսի Բացում Լիբանանի Մէջ։


Հինգշաբթի 24 նոյեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ քրիստոնէական լրատուութեան եւ մշակոյթի ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը Անթիլիասի մէջ, Լիբանան։
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան լիբանանեան հոգեւոր եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։ Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը ներկայացուց գերապատիւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան։ Հանդիսութեան պաշտօնական խօսքերէն ետք յայտարարուեցաւ «GROACT» երիտասարդական միութեան ստեղծումը։
Ցուցահանդէսը կ'երկարի մինչեւ 4 դեկտեմբեր, եւ կ'ընդգրկէ հոգեւոր, մշակութային եւ երիատասարդական զանազան ձեռնարկներ, անդրադառնալով յատկապէս երիտասարդներուն դիմագրաւած խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն (արտագաղթը, անգործութիւնը, բռնութիւնը...)։








All the contents on this site are copyrighted ©.