2011-11-26 13:12:56

Քահանայապետական Կաճառներու 16-րդ Նիստը, Որուն Ընթացքին Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը Կը կատարէ Մրցանակներու Բաշխումը։


Յառաջիկայ 30 նոյեմբերին կարտինալ Պերթոնէ` Վատիկանի պետական քարտուղարը, յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, պիտի հանդիսապետէ քահանայապետական կաճառներու 16-րդ նիստը, եւ որուն ընթացքին մրցանակներու բաշխում պիտի կատարէ բոլոր այն ուսանողներուն որոնք յատկանշուեցան քրիստոնէական մարդաբանութեան ծաղկումով։ 2011-ի հրապարակային նիստին նիւթն է. ''վկայութիւններ եւ վկաններ, նահատակները եւ հաւատքի հերոսները''։








All the contents on this site are copyrighted ©.