2011-11-26 13:15:22

Սուրիայ կը Մերժէ Արաբական Լիկայի Տուած Պայմանաժամը։ Իսկ Եգիպտոսի Մէջ Քէմալ Ժանզուրի Եգիպտոսի Վարչապետ Նշանակուած։


Սուրոյ մէջ բողոքները չեն դադրիր։ Քաղաքական գործոն անձեր կը տեղեկացնեն թէ կան այլ տասը զոհեր,մինչ Տամսկոս կ՝անտեսէ Արաբական Լիկայի տուած Ժամկէտը՝՝ օտար Դէտեր Սուրիայ ուղղարկելու՝՝մասին։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Արաբական Լիկային ճշդած պայմանաժամը «նոր եւ վերջին առիթ մըն է, Սուրիոյ համար նոր առիթ մը»: Ան սուրիական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` «այս առիթը օգտագործելու»:Բայց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտըր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ Սուրիական հարցերուն մէջ զինուորական միջամտութիւնը Ռուսիոյ համար անընդունելի է, նշելով որ պէտք չէ մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու ազդակը սուրիական ներքին հարցերուն միջամտելու համար իբրեւ պատրուակ օգտագործուի:
Գալով Եգիպտոսի, Եգիպտոսի իշխող Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի ղեկավար Մարաջախտ Հիւսէյն Թանթաուի պաշտօնապէս որոշած է նախկին վարչապետ Քամալ Ժանզուրին նշանակել վարչապետ եւ անոր տրամադրած է «բոլոր լիազօրութիւնները»:
ՄԵՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Թանթաուի, Ժանզուրիին վստահած է ազգային փրկութեան կառավարութիւն կազմելու պարտականութիւնը եւ անոր տուած իր պաշտօնը լաւ ձեւով կատարելու պէտք եղած բոլոր լիազօրութիւնները:

Ժանզուրի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի օրերուն 1996էն1999-ին վարած է վարչապետի պաշտօնը, սակայն Մուպարաքի զայրոյթը գրգռելէ ետք հեռացուած էր իր պաշտօնէն: Նշենք որ Ժանզուրիի նշանակումը մերժուեցաւ Թահրիր Հրապարակին վրայ նստացոյց կատարողներուն կողմէ,որովհետեւ այս անուանումը չի գոհացնէր հրապարակի ցուցարարներու ակնկալութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.