2011-11-26 13:10:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Առողջապահութեան Քահանայապետական Խորհուրդի հաւաքի մասնակցողները։
Շաբաթ 26.11.2011 առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Գոնչիսթորօ Սրահին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական դասի 20 եպիկոպոսները, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 11.40-ին՝ Գլեմենթինա սրահին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Առողջապահութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքի 500 մասնակիցողներուն։
Իսկ յետ միջօրէի՝ ժամը 18ին, Նորին Սրբութիւը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ներկայ գտնուեցաւ, Ասդուրեայի Իշխանութեան կառավարութեան կողմէ իրեն ի պատիւ տրուած՝ համերգին։

Սրբազան Քահանայապետը Առողջապահութեան Քահանայապետական Խորհուրդի հաւաքին մասնակցողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին արտասանած ճառին մէջ, նախ իր խնդակցութիւնը յայտնեց Քահանայապետական Առողջապահութեան Խորհուրդի 26րդ միջազգային խորհրդաժողովին համար, որ պիտի խորհրդածէ <<առողջապահութեան հովուութիւնը կեանքի ի սպաս, ՅՊԲ-ի ուսուցումներու լոյսին տակ>> նիւթին մասին։
Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութեան խօսք մը ուղղեց բոլոր անոնց՝ որոնք կը հետաքրքրուին առողջապահութեան հովուութեամբ ու յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Քահանայապետական առողջապահութեան խորհուրդի նախագահին՝ գերապայծառ Զիկմունդ Զիմովսքիի ու սոյն խորհուրդի աշխատակիցներուն գնահատելով անոնց տարած աշխատանքը։
Վստահ եմ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը- որ ձեր խորհրդակցութիւնները պիտի սատարեն խորացնելու ՅՊԲ-ի ուսուցումին թողած <<Կեանքի Աւետարան>> ժառանգութիւնը։
1985-ին Երանելի ՅՊԲ հաստատեց Առողջապահութեան Քահանայապետական Խորհուրդը, որպէս եկեղեցւոյ վկայութիւն, առողջապահութեան մարզէն ներս. եւ 20 տարի առաջ ան հռչակեց Հիւանդի Միջազգային օրը ու հիմնեց <<Բարի Սամարացի>>անուան բարեգործական հաստատութիւնը որ ծառայութիւն կը մատուցէ հիւանդներուն եւ չքաւորներուն զանազան երկիրներու մէջ։
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ անդրադարձաւ ՅՊԲ.ի գործունէութեան՝ առողջապահութեան մարզէն ներս, մատնանշելով՝ Անոր կեանքի վերջին օրերուն տուած վկայութեանը։ Անոր հաւատքը - ըսաւ նորին սրբութիւնը - յաղթահարեց ֆիզիքական տկարութիւնը, դարձնելով իր հիւանդութիւնը սիրոյ ապրում մը՝ նուիրուած Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ աշխարհին։ Իսկական մասնկացութիւն մը Քրիստոսի չարչարանքներուն։

Իր խօսքը եզրափակելով Պենետիկտոս ԺԶ . մաղթեց որ ՅՊԲ.ի թողած կեանքի վկայութեան հետեւելով՝ Քրիստոսի Փառաւոր Խաչին մէջ վերագտնուի կեանքի աւետարանի բացայատումը ու անոր լրումը։
Ձեր առաքելական ծառայութեան ընդմէջէն կարելի է քաղել փորձառութիւնը թէ՝ միայն ուրիշին ծառայութիւն մատուցելն է որ իմ աչքերս կը բանայ Աստուծոյ ինծի հադէպ ցոյց տուած մտահոգութեան եւ անոր անհուն սիրոյն։
Սրբազան քահանայապետը ապա բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը։

Նշենք որ երէկ՝ ուրբաթ 25 նոյեմբերին, Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդի Համաժողովի 80 մասնակցողներուն ու անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ, շեշտեց թէ հասարակական կեանքի մէջ ազդու ըլլալու համար, հարկ է ունեենալ նաեւ՝ զօրաւոր ու հաստատ հաւատք։








All the contents on this site are copyrighted ©.