2011-11-26 13:16:19

Հայաստանի Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարի Պաշտօնական Այցելութիւնը Լիբանան։


Հինգշաբթի 24 նոյեմբերին, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն կատարեց Լիբանան, ընկերակցութեամբ մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի։
Ուրբաթ օրը երեկոյեան, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ դպրոցներուն հետ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութիւն ներկայութեամբ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններուն։ Հանդիպման նպատակն է քննարկել հայկական դպրոցներուն ներկայիս դիմագրաւած հարցերը, կարիքները եւ ակնկալութիւնները Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն, լիբանանահայ վարժարաններուն կարիքները գոհացնելու իմաստով։
Այցելութեան ընթացքին, նախարար Արմէն Աշոտեան Հայաստանի հանրապետութեան անունով՝ 120 տարրալուծարաններ լիբանանեան 120 պետական վարժարաններու համար նուիրեց, այցելութիւնը նաեւ առիթ մըն է վերահաստատելու կրթական երկկողմանի յարաբերութիւնները, հիմնուելով նախապէս ստորագրուած համաձայնագիրներուն վրայ Լիբանանի եւ Հայաստանի կրթութեան նախարարութիւններու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.