2011-11-26 13:15:42

Գահիրէի Գալուստեան Վարժարանը Փակ Կը Մնայ Երկրի Մէջ Տիրող Իրավիճակին Պատճառով ։


Մօտաւորապէս մէկ շաբաթ է, որ Եգիպտոսի քաղաքական անկայուն վիճակին պատճառով Գահիրէի Թահրիր Հրապարակի տարածքին գտնուող Գալուստեան Ազգային Վարժարանը (հիմնադրուած 1854-ին) փակ կը մնայ: «Դպրոցը անվնաս է,» ըսած է վարժարանի ժամանակաւոր տնօրէն Ասպետ Արթինեան, «սակայն վերաբացման ժամանակը անյայտ է»։
Ինչպէս ծանօթ է Նոյեմբեր 19էն ի վեր, հազարաւոր եգիպտացիներ դարձեալ սկսան հաւաքուիլ Թահրիր Հրապարակի վրայ, պահանջելու համար ներկայ Իշխող ՝ Զինեալ Ուժերու Գերագոյն Խորհուրդէն որ իշխանական լիազօրութիւնները անյապաղ փոխանցէ՝ քաղաքացիական կառավարութեան մը:







All the contents on this site are copyrighted ©.