2011-11-25 13:37:25

Վատիկանի Առողջապահութեան Խորհուրդը Կը Մեծարէ Յիշատակը Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին։


Առողջապահութեան Քահանայապետական խորհուրդը կը կազմակերպէ կլոր սեղան մը երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի առողջապահական հարցերու տուած ուսուցումին մասին։ Եռօրեայ հանդիպումին կը մասնակցին 70 երկիրներէ եկած առողջապահութեան հովուութեան պատասխանատու աւելի քան 40 եպիսկոպոսներ եւ 700 մասնագէտներ։ 26 նոյեմբերին անոնք հանդիպում պիտի ունենան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ։ Յայտնենք որ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը կը սիրէր հիւանդները։ 1985-ին ան ստեղծեց Առողջապահութեան Քահանայապետական խորհուրդը եւ 1992-ին հաստատեց հիւանդին համաշխարհին օրը, որ կը վերակոչուի ամէն տարի 11 փետրուարին։ Ճիշտ ասոր համար Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը կոչուած է ''կեանքի Քահանայապետը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.