2011-11-25 12:46:46

Վատիկան Տեղեկութիւններ։


Ուրբաթ 25 նոյեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 11.30-ին Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, ներկայացնելու՝ Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի լիանիստ տարեկան հաւաքը, որ տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի մէջ, 29 նոյեմբերէն մինչեւ մէկ դեկտեմբեր ։
Մամլոյ Ասուլիսը կը կատարեն Կարտինալ Էննիօ Անթոնելլին՝ Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, Գերապայծառ Ժան Լաֆֆիթ՝ վերոյիշեալ խորհուրդի քարտուղարը, հայր ճանֆրանքօ Կրիէքօ եւ Ալֆոնսօ ու ֆրանչէսքա Գոլցանի որոնք Միլանոյի թեմի ընտանիքի յանձնախումբի պատասխանատուներն են։
Նշենք որ Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի այս տարուայ նիստը կը զուգադիպի անոր հիմնադրութեան եւ Familiaris Consortio շրջաբերական թուղթին 30րդ տարեդաձներու առթիւ։
Իսկ վաղը շաբաթ 26 նոյեմբերի առաւօտեան, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ պիտի ներկայացուի Սպանիայի Կառավարութեան կողմէ նուիրուած համերգը, ի պատիւ Սրբազան Քահանայապետին, համերգը տեղի պիտի ունենայ Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 18ին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.