Հայ մեծ դուդուկահար Լեւոն Մատոյեան։ Հայազգի դուդուկահար Լեւոն Մատոյեան
ծնած է Ալեքսանտրապոլի (այժմ Գիւմրի) մէջ 10 Օգոստոս 1909-ին, ուր եւ ստացած է իր կրթութիւնը
ու հետեւած երաժշտութեան։ Հայ Սովետական ժողովրդական արթիսթ 1961-ին. 1923-էն աշխատած
է հայֆիլհարմոնիայի լենինականի բաժանմունքի արեւելեան գործիքներու անսամպլին մէջ, կարճ
ժամանակ մը Պագուի մէջ աշխատելէ ետք վերադարձած է իր ծննդավայրը եւ ապա 1939-ին, տեղափոխուած
է Երեւան ու նուագած հայֆիլհարմոնիայի ժողովրդական գործիքներու նուագախումբին մէջ, ապա,
Ռատիոկոմիտէի ժողովրդական գործիքներու անսամպլին մէջ մանաւանդ՝ 1952-էն եղած էր Հայաստանի
ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի ժողովրդային գործիքներու անսամպլի մենակատարը։ Համերգներով
հանդէս եկած է Խորհրդային Հայաստանի տարբեր վայրերու ու նաեւ Մոսկուայի, Թիֆլիսի, Պագուի,
Դաշքենտի, Աշխապատի եւ Թոնի Ռոստով քաղաքներու մէջ։ Հայազգի թութուկահար Լեւոն Մատոյեանի
երգացանկը կազմուած էր, հայկական ժողովրդական եւ գուսանական երգերէ , պարեղանակներէ ,
արեւելեան երաժշտատեսակներէ ու հայ երգահաններու գործիքային ստեղծագործութիւններէ։ Ան
գտած է ու վերանուագաւորած՝ Շիրակի բազմաթիւ մոռցուած երգեր ու պարեղանակներ։ Հայազգի
դուդուկահար Լեւոն Մատոյեան մեծ վարպետութեամբ կը նուագէր որով գրաւած է յայտնի երաժշտասէրներու
ուշադրութիւնը, ու մեծ գնահատանքի արժանացած իր ՜՜Հովուի կանաչը, Մաճկալ, Որսկան Ախպէր
եւ Դու էն գլխէն երգերու գործիքային մեկնաբանումները։ Հայ մեծ դուդուկահար՝ Լեւոն
Մատոյեան իր մահկանացուն կնքած է 55 տարեկանին, Երեւանի մէջ 19 Սեպտեմբեր 1964-ին։