2011-11-25 13:39:35

Երեւանի Մէջ Աչազուրկերու Համար Համացանցային Կեդրոն Կը Բացուի


ՀՀ փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան, «Հայփոստ»ի, ԵՈՒՆԵՍՔՕի եւ Ելեկտրա-հաղորդակցութեան միջազգային միութեան ջանքերով, Երեւանի մէջ բացուեցաւ կոյրերու համար համացանցային կեդրոն մը, որ առաջին է ամբողջ ԱՊՀ տարածքին։ ՀՀ փոխադրամիջոցի եւ կապի նախարար Մանուկ Վարդանեանի ըսած է թէ՝ սոյն կեդրոնը նպատակ ունի ընդլայնել սահմանափակ կարողութիւններով մարդոց կենսագործունէութեան հնարաւորութիւնները:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու եւ կրթական խնդիրներու ուսումնարանի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Հաոլին Զաոյի խօսքով, Հայաստան այն առաջնակարգ պետութիւններէն է, որոնք կը փորձեն ապահովել ու բարելաւել սահմանափակ հնարաւորութիւններով մարդոց կեանքը:
«Ինթըրնեթ հանրութիւն» հասարակական կազմակերպութեան փոխնախագահը՝ Գրիգոր Սաղեան ըսաւ, որ կեդրոնը պիտի գործէ աշխատանքային օրերուն եւ անվճար հիմունքներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.