2011-11-25 13:39:09

Արաբական Լիկան Սուրիոյ Կուտայ 24 ժամուայ Ժամանակամիջոց Մը՝ Ընդունելու Խախաղութեան Ծրագիրը։


Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի երէկ յայտնեց, որ Արաբական Լիկայի նախարարաց խորհուրդը երէկ իր գումարած ժողովին ընթացքին Սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղած է «մինչեւ Ուրբաթ յետմիջօրէի ժամը 1:00 Գահիրէի մէջ» ստորագրելու ՝՝Դէտերու Պատուիրակութիւն մը Սուրիա ուղարկելու՝՝ արձանագրութիւնը:
Մինչ այդ, Սուրիոյ կեցուածքին շուրջ հակասական տեղեկութիւններ փոխանցուեցան: Մինչ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի յայտարարեց, որ Սուրիա արձանագրութիւններուն համաձայն գտնուած է, Սուրիական Պետական Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիա նշեալ արձանագրութիւնը չէ ստորագրած:
«Ալ-Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ալճերիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը ՝՝արձանագրութեան՝՝ շուրջ վերապահութիւնները ներկայացնելէն ետք հեռացած է ժողովէն, որ ընթացած է սուր վէճերու մթնոլորտի մը մէջ:
Ժողովի աւարտին մամլոյ ասուլիս չտրուեցաւ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, նախարարները կիրակի օր դարձեալ ժողով պիտի գումարեն: ԱՖՓ (ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը) կը հաղորդէ, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները ՄԱԿ-էն պիտի խնդրեն Սուրիոյ տագնապի լուծման իրենց ջանքերուն օժանդակել:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբը Սուրիական իշխանութիւնները դատապարտեց ցուցարարներուն դէմ անոնց 8-ամսեայ արշաւին համար: Որոշումը որդեգրուեցաւ 122 թեր, 13 դէմ եւ 41 ձեռնպահ քուէներով: Որոշումին թեր քուէարկած երկիրներուն շարքին են՝ Պահրէյնը, Յորդանանը, Քուէյթը, Մարոքը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.