2011-11-25 13:38:55

ԱՊՀ.ի Միջկրօնական Խորհուրդի Նախագահութեան Նիստը Երեւանի Մէջ։


Նոյեմբեր 28-էն 29-ը Երեւանի մէջ տեղի կ'ունենայ ԱՊՀ.ի Միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան նիստը, որու պիտի մասնակցին ԱՊՀ.ի երկիրներու աւանդական կրօններու՝ քրիստոնեայ, իսլամ, հրեայ եւ պուտտայական կրօններու առաջնորդները եւ ներկայացուցիչները։
Ծրագրուած հանդիպման կը մասնակցին Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը Կիրիլ Ա. եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը։
Նիստին կ՝ակընկալուի նաեւ՝ ներկայութիւնը Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ՝ Շէյխ-Ուլ-Իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշա Զատէին, եւ Համայն Վրաստանի Իլիա Բ. Պատրիարքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.