2011-11-25 13:39:21

2011ի Արտագաղթի Ցուցանիշները՝ Ամենաբարձրը 2001էն Ի Վեր


ՀՀ տարածքային կառավարման նախարարութեան Գաղթականութեան ծառայութեան տուեալներով, այս տարուան տասը ամիսներուն ընթացքին, բոլոր փոխադրամիջոցներով Հայաստանէն մեկնողներուն թիւը 81,499ով աւելի է ժամանողներու թիւէն:
Ասիկա, վերջին տասը տարուան տուեալներով, աննախադէպ բարձր ցուցանիշ մըն է: Անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, մեկնողներուն թիւը ժամանողներէն աւելի եղած է 58,248ով, 2009ին՝ 54,349ով, իսկ 2008ին՝ 63,275ով:
Ներկայի թիւերը կը վկայեն, որ այս տարուան արտագաղթի ցուցանիշները 2001էն ի վեր ամենաբարձրն են։








All the contents on this site are copyrighted ©.