2011-11-24 11:42:58

Վատիկանեան Հակիրճ Լուրեր


24 - 26 նոյեմբեր Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի առողջապահութեան խորհուրդի 26 միջազգային համագումարը, Վատիկանի Սիւնհոդոսական Սրահին մէջ։

24 - 26 նոյեմբեր դարձեալ Վատիկանի մէջ, աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ՝ տեղի կ՛ունենայ, լիանիստ տարեկան ժողովը որ ունի որպէս խորագիր ՜՜Աստուծոյ հարցը այսօր՝՝։

24 - 27 նոյեմբեր Գերալայ մարզի Գոշի քաղաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ Հնդկաստանի կաթողիկէ խորհուրդի տարեկան լիանիստ ժողովը <<եկեղեցւոյ դերը աւելի յառաջացած Հնդկաստանի մը համար>> նիւթին մասին։ Ժողովին կը մասնկացին հնդկաստանի 164 թեմերէ ժամանած եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւոր ու կրօնաւորուհիներ ու նաեւ աշխարհականներ։

24 - 26 նոյեմբեր Վենետիկի մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային համաժողով <<Սուրբ Բարթողոմէոսի եկեղեցին եւ Վենետիկի գերմանական հասարակութիւնը>> նիւթին մասին։

Հինգշաբթի 24 նոյեմբերին Մոնթէվիտէոյի մէջ (Ուրուկուայ) տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը <<եկեղեցին եւ մարդու իրաւունքները>> նիւթին մասին, հանդիպումը նախաձեռնուած էր Ուրուկուայի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասին եւ Ուրուկուայի Կաթողիկէ համալսարանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.