2011-11-24 13:15:08

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը Անուանեց Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպ. Թէյրուզեանը, Նախագահ՝ Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու Յանձնախումբին։


Պէյրութ-Ամեն. Եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը 21 Նոյեմբեր 2011-ի՝ թիւ 254/11 նամակով, անուանեց արհիապատիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը նախագահ՝ հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու յանձնախումբին, նկատի առած որ այս կարեւոր պաշտօնը թափուր մնացած է արհիապատիւ Վարդան եպս. Աշգարեանի հրաժարումով։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նամակին մէջ կը յայտնէ թէ «Մեր վարժարանները կը նկատուին երրորդ ազդակը մտային կազմաւորումին եւ հոգեւոր սկզբունքներու դաստիարակութեան՝ ընտանիքէն եւ ժողովրդապետութենէն ետք։ Ինչ որ մանուկը կամ երիտասարդը կը սորվի վարժարանէն ներս դրոշմուած կը մնայ անոր մտքին ու սրտին մէջ։ Կը բարձրացնենք Մեր աղօթքը առ Աստուած որպէսզի քեզի պարգեւէ աւետարանական իմաստութիւնը եւ լոյսը ուղիղ կերպով առաջնորդելու համար ապագայ հայրերն ու մայրերը, որոնք սիւները պիտի կազմեն մեր հայ Կաթողիկէ համայնքին։ Աղօթող եմ որպէսզի Զմմառու Տիրամայրը հովանի ըլլայ քեզի ու վարժարաններու տնօրէններուն եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին՝ հարազատ շառաւիղները ըլլաք»։








All the contents on this site are copyrighted ©.