Մատենադարանի Հայագիտական Գրադարանը Հարստացած Է Հնատիպ Հինգ Գիրքերով։
Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական ուսումնարանի Հայագիտական գրադարանին
մէջ կը պահուի 18,420 ձեռագիր, որոնցմէ 3779 արաբատառ է, 350ը՝ այլալեզու: Բաժինի վարիչ
Ռայա Բլբուլեանի ըսած է թէ՝ գրադարանին մէջ իրենց յատուկ նշանակութիւնը ունին հնատիպ
գիրքերը, որոնք տարեկան կ՛աւելնան քանի մը միաւորով: ՜՜Հնատիպ գիրքերու թիւը կը հասնի
2.300-ի, այս տարի անոնք աւելացած են 5 միաւորով՝՝ըսած է ան աւելցնելով ՜՝ Գրադարանը
հնատիպ գիրքերը ձեռք կը բերէ յատկապէս գնումներու եւ նուիրատուութիւններու միջոցով՝՝: