2011-11-23 12:37:52

Կիպրոսի Ս. Մակար Վանքը Ամբողջական Ոչնչացման Եզրին Է։


Կիպրոսի թրքական հատուածին մէջ գտնուող հայկական Ս. Մակար վանքը ոչնչացման եզրին է: Անիկա աղբանոցի վերածուած է, եւ հայերու ուխտատեղին շուտով հողին հաւասար պիտի ըլլայ, կը հաղորդէ ռուսական «Ռեկնում» գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Սայփրըս Մէյլ» օրաթերթը։
Պատմաբանները կը նշեն, որ վանքը հիմնադրուած է 1000 թուականին ղպտիներու կողմէ` 4-րդ դարուն Եգիպտոսի մէջ ապրած Ս. Մակար Ալեքսանտրացիի յիշատակին: 1425-ին վանքը դարձած է հայ եկեղեցւոյ սեփականութիւնը եւ հայերու համար ուխտատեղիի վերածուած է: Մեծ Եղեռնի տարիներուն վանքը, իբրեւ ապաստան ծառայած է այդ աղէտէն վերապրողներուն համար:
Մինչեւ 1974-ին թրքական բանակի Կիպրոս ներխուժումը, վանքը հայերու համար այցելութեան լաւագոյն վայր հանդիսացած է, սակայն թրքական ուժերու ներխուժումէն ետք վանքը աւերուած է, իսկ այսօր արդէն աղբանոցի վերածուած:
1974-ին կիպրացի յոյներուն եւ թուրքերուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներէն ետք, Թուրքիա գրաւեց կղզիին մէկ երրորդը եւ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ թրքական ինքնակոչ հանրապետութիւն մը ստեղծեց:
Թուրքիան, այդ ինքնակոչ հանրապետութիւնը ճանչցող՝ միակ պետութիւնն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.