2011-11-23 12:06:09

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
Լեռ Կամսար (Արամ Թովմասեան, 1888-1965). «Խորհրդահայ դարաշրջան»ի անզուգական երգիծագիրը, որ քսան տարուան ազատազրկումով... «պարգեւատրուեցաւ» .


22 Նոյեմբերին, լրացաւ մահուան 46րդ տարելիցը հայ գրականութեան մեծատաղանդ երգիծագիրներէն Լեռ Կամսարի, որուն կեանքն ու գործը խօսուն, այլեւ դառն վկայութիւնը եղան Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին բաժին հանուած խորհրդային ողբերգութեան։
Արդէն կազմաւորուած ու լայն ժողովրդականութեան արժանացած երգիծագիր էր Լեռ Կամսար 1920ականներու սկզբնաւորութեան, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուեցաւ խորհրդային ամբողջատիրութեան լուծը։ Հակառակ որ իր աշխարհայեացքով ու գաղափարական հակումներով ընչազուրկին պաշտպանութեան եւ ընկերային ցաւերու քննադատութեան նուիրուած հեղինակ էր Լեռ Կամսար, ո՛չ խորհրդային կարգերը մարսեցին անոր գրականութեան ու երգիծանքին ազգային ջիղը, ոչ ալ Լեռ Կամսար ինք կրցաւ հաշտուիլ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի կեանքն ու ազգային-ազատագրումի երթը այդպէս՝ անփոյթ եւ անխիղճ հարուածած խորհրդային խորշակին հետ։
Խորհրդային վարչակարգին նկատմամբ տարբեր չէր կրնար ըլլալ կողմնորոշումը Լեռ Կամսարի՝ աւազանի անունով Արամ Թովմասեանի, որ 24 Հոկտեմբեր 1888ին ծնած էր Վան, հոգեւորականի ընտանեկան յարկին տակ, նախնական կրթութիւնը ստացած էր Վանի Ամերիկեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումն ու ազգային-գաղափարական իր կազմաւորումը ունեցած էր Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի ատենի յեղափոխաշունչ մթնոլորտին մէջ։
1909ին աւարտելով Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, Լեռ Կամսար վերադարձած էր Վան, ուր աշխատած էր նախ իբրեւ թատրոնի դերասան, ապա հայոց լեզուի ուսուցիչ եղած էր Աղթամարի Սուրբ Խաչ դպրանոցին, իսկ հետագային Վանի մասնաւոր Երամեան վարժարանին մէջ։
Առաջին երգիծական գրութիւնը՝ «Կամսարեան աշխարհագրութիւնը» խորագրով, տպագրած էր 1910ին, Վանի «Աշխատանք» թերթի էջերուն՝ անմիջապէս արժանանալով ուշադրութեան եւ հանրայայտ դառնալով։ 1915ին մասնակցած էր Վան-Այգեստանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։

1915ի վերջերուն ընտանեօք Երեւան հաստատուած հայ երգիծագիրը ականատես դարձաւ Արեւմտահայաստանի նկատմամբ ռուսական՝ հաւասարապէս ցարական թէ խորհրդային քաղաքականութեան կործանարար հետեւանքներուն։ Տեսաւ մինչեւ Վան ու Մուշ յաղթական մուտքը, ռուսական զօրքին հետ, հայ կամաւորական գունդերուն, որոնց սակայն պարտադրուեցաւ նահանջել՝ արեւմտահայ գաղթականութեան հետ... երբ Լենինի ղեկավարած պոլշեւիկեան յեղաշրջումը «Տուն Դարձ»ի հրահանգ տուաւ ռազմաճակատի ռուսական զօրքին։

Լեռ Կամսար եղաւ ստալինեան «մաքրագործումներու» առաջին զոհերէն. 1935ին բանտարկուեցաւ, արագօրէն դատուեցաւ ու դատապարտուեցաւ ազատազրկման։ Քսանամեայ տաժանակիր կեանքէ ետք միայն, 1955ին, Խրուշչովեան ձիւնհալէն օգտուելով, վերատիրացաւ «ազատ» ապրելու իրաւունքին, բայց այլեւս ամբողջապէս քէնցած «խորհրդահայ» իրականութեան հետ։ Թէեւ Հայ Գրողներու Միութիւնը իրեն բնակարան յատկացուց, բայց Լեռ Կամսար իր ընտանիքին ձգեց այդ բնակարանը, իսկ ինք քաշուեցաւ նախքան աքսորը իր ապրած խրճիթը, ուր եւ աշխարհէն կտրուած անցուց իր կեանքին վերջին տարիները, մինչեւ որ 22 Նոյեմբեր 1965ին առյաւէտ փակուեցան Հայաստանի ու հայութեան այնքան մեծ տառապանքէն զարհուրած աչքերը հայ երգիծագրութեան տաղանդաշատ այս վաստակաւորին։
Հայկական երգիծանքի հանճարեղ վարպետին՝ Յակոբ Պարոնեանի եւ մեծանուն տաղանդաւորին՝ Երուանդ Օտեանի կողքին, Լեռ Կամսար գրաւեց իր ուրոյն տեղը հայ գրականութեան անմահներու համաստեղութեան մէջ։
Լեռ Կամսարի առաջին հատորը լոյս տեսաւ 1924ին՝ «Անվաւեր մեռելներ» անունով։ Յաջորդաբար լոյս ընծայեց «Ազգային Այբբենարան» եւ «Վրիպած արցունքներ» գործերը, 1926ին եւ 1934ին։ Այնուհետեւ, աքսորի աւարտէն ու Երեւան վերադարձէն ետք, Լեռ Կամսար մնայուն եւ կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ «Ոզնի» ամսագրին, ուր լոյս տեսան յետ-աքսորեան շրջանի իր մեծարժէք գործերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.