2011-11-22 13:22:48

Վատիկանի Կիսպաշտօն Օրաթերթը Անդրադարձած է Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Պենինի Առաքելական Ճամբորդութեան


Օսսերվաթորէ Րոմանօ` Վատիկանի կիսպաշտօն Օրաթերթը 21 նոյեմբերի Թիւին մէջ անդրադառնալով՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, Պենին կատարած ճամբորդութեան ընթացքին արտասանած քարոզներուն ու ճառերուն, հաստատած է որ Պենետիկտոս ԺԶ արիութեամբ խօսած էր ու անդրադարձած ափրիկեան ցամաքամասի մէջ տիրող ծանր հարցերուն եւ քննադատած Ափրիկէի ժխտական եւ անյարգալի սովորութիւները։ Օրաթերթի Տնօրէնը իր խմաբագրականին մէջ յիշել տուած է որ Պենետիկտոս ԺԶ մեղադրեց անարդարութիւններն ու բռնութիւնները, սակայն նաեւ լաւատես աչքերով նայեցաւ ապագային ։Սրբազան Քահանայապետի այս ճանապարհորդութիւնը կրնանք ամփոփել մէկ բառով այն է <<Յոյսը>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.