2011-11-22 13:24:20

Մարոքի Մէջ, Կրօններու Համաշխարհային Գիտաժողով Խաղաղութեան Ի Խնդիր ։ ՜՜Զօրացնել երկխօսութիւնը մշակոյթներու մէջ՝՝։


16 նոյեմբերին Մարաքեշի մէջ սկիզբ առաւ տարեկան ''խաղաղութեան ի խնդիր կրօններու համաշխարհային'' երկօրեայ գիտաժողովը։ Անոր նպատակն է զարգացնել միջկրօնական երկխօսութիւնը ։ Գիտաժողովին յայտագիրը կը ներփակէ հետեւեալ նիւթերը. ՜՜մարդու իրաւուքներու յարգանքը եւ համագործակցութիւնը կրօններու ճանաչումին ու մարդկային արժէքներուն՝՝։ Ժողովին կը մասնակցին միաստուածեան երեք կրօններու եւ այլ կրօններու ներկայացուցիչները, մտաւորականներ, գիտնականներ եւ հանրածանօթ համալսարանականներ։ Հաւաքին նպատակն է, քաջալերել կրօնապետերու համագործակցութիւնը, վերջ դնելու համար ատելութեան եւ կրօնամոլութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.