2011-11-22 13:21:56

Առաքեալական Ճամբորդութեան Մը Տպաւորութիւնները։


Պենինի Եպիկոպոսաց Համահաւաք Դասի Քարտուղարը Կ՛ողջունէ Պենետիկտոս ԺԶ.ի Պենինի մէջ Արտասանած Ազդու Պատգամները։
Կերտել դէպի ապագայ ընթացող Ափրիկէն։

Սրբազան Քահանայապետը Ափրիկէն դրաւ իր պատասխանատուութիւններուն առջեւ, պահանջելով Արեւմուտքէն որ նուազ զիչումներ ընէ անոր հանդէպ, յայտարարած է
Պենինի Եպիկոպոսաց Համահաւաք դասի քարտուղարը՝ Գերապայծառ Հունտէգոն անդրադառնալով Սրբազան Քահանայապետի Պենին կատարած առաքելական ճամբորդութեան ու աւելցուցած է որ Պենինի եկեղեցին յուսախաբ չէ մնացած Սրբազան Հօր այս ազդու պատգամները ունկնդրելով։ Սրբազան Քահանայապետի զօրաւոր պատգամներէն մին եղաւ - նշած է Պենինի Եպիկոպոսաց Համահաւաք դասի Քարտուղարը - այն կոչը որ ուղղեց Ափրիկեան ցամաքամասի ու անոր պատասխանատու իշխանութիւններուն կերտելու Ափրիկէ մը որ դէպի ապագայ կ՛ընթանայ։ Սրբազան Քահանայապետը Չվառանեցաւ ի յայտ դնելու Ափրիկէի հարցերը, անարդարութիւնները, ապականութիւնները. բայց միեւնոյն ատեն շեշտը դրաւ դրական արժէքներու վրայ։ Որով դրական տեսլականով է որ կրնանք կերտել ապագան։ Նորին Սրբութիւնը քաջութեամբ քննադատեց նաեւ՝ հարուստ երկիրները որ անօրէն կերպով կը շահագործեն ափրիկեցիները։Ան նաեւ անդրադարձաւ Վուտոյի կրօնապաշտութեան նուրբ հարցին որ շատ անգամ - յայտարարած է գերապայծառ Հունտէգոնը - արգելք է հաւատքի տարածման ու երկրի զարգացումին։
Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց մեզ ընթանալու երկխօսւթեան ճանապարհէն, յարգելով ուրիշներու պաշտամունքը սակայն առանց հրաժարելու մեր պարտականութենէն. որ է՝ մեզի պարգեւուած ճշմարտութեան լոյսը տանիլ նոյնիսկ անոնց որոնք ուրիշ դաւանանքի կը պատկանին, քաջ գիտնալով որ անոնք ազատ են զայն ընդունելու կամ ոչ։
Իր հրաժեշտի խօսքին մէջ եւս, Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց լոյսին, ըսելով. ՜՜ Ափրիկէի եկեղեցի, եղիր աշխարհի լոյսը, փնտռէ խաղաղութեան ճանապարհը եւ արդարութիւն պահանջէ համայն բնակչութեան համար։ Քու լոյսդ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսն է որ է աշխարհի լոյսը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.