2011-11-22 13:07:03

2001-ը "ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ" Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։
Կիրակնօրեան Հայ Կրթական Օճախը եւ Մանուկներու Յիսուսաբոյր Դաստիարակութիւնը.


Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը՝ Արամ Ա Կաթողիկոս իր ուղեցուցիչ
հռչակագիրներուն վրայ՝ յարկ մը եւս բարձրացուց եւ 2011-ը Հայ Մանուկի Տարի կոչեց։
Վեհափառ Հայրապետը սփիւռքացեալ մեր ժողովուրդի զաւակները հրաւիրեց, որ յատուկ սեւեռումով մը անդրադառնան հայ մանուկի արժէքին։
Մանուկները ժողովուրդի մը ապագան են։ Հայ մանուկներն ալ՝ հայ ժողովուրդի ապագան են։ Հետեւաբար, պատասխանատու դաստիարակութեամ զանոնք պէտք է կրթել։ Այսինքն՝ կրթել այնպէս՝ որ հայ մանուկները աճին երկնային ազատութիւնը
շնչելով, զարգանան՝ սորվելով տեսնել բարին, գեղեցիկը եւ ազնիւը։

Հայ համայնքը իր կրթական հաստատութիւնները հիմնելով՝
պատասխանատու դաստիարակութեան կարեւոր քայլ մը առած է ։ Հարիւրաւոր մանուկներ հոն Հայ Եկեղեցւոյ ոգիին մէջ աճեցան ու կ'աճին։ Այն ոգին ուղեղի լուացում չուզեր, այլ կը պահանջէ յարգել անհատին զարգացումը՝ իր քաղաքացի Աստուծոյ արքայութեան։ Հայ Եկեղեցին Աստուծոյ արքայութեան մէկ համեստ նահանգն է,եւ զայն շէնցնելու պարտքը ունինք իւրաքանչիւրս։ Սփիւռքի հայութիւնը իր ապագան շէնցնելու համար՝ ստիպողութեան առջեւ է նոր սերունդին քայլերը ի շարս այլ կենսական կառոյցներու, նաեւ դէպի Հայ Եկեղեցի առաջնորդելու։ Կիրակնօրեան Հայ Կրթական Օճախները այդ նպատակին ծառայող ճամբայ է։ Հայ մանուկը թող
չօտարանայ Հայ Եկեղեցիէն, որովհետեւ անիկա մեր ինքնութեան անցեալն ու ներկան է։ Հայ Եկեղեցիէն օտարացած սերունդը՝ օտարացած պիտի ըլլայ նոյն ատեն իր ինքնութեան անցեալէն ու ներկայէն։
Ի սրտէ կը գնահատենք մեր կրթական կիրակնօրեայ հաստատութիւններու պատասխանատուիները, նաեւ ծնողները՝ որոնք պարտականութեան խոր գիտակցութեամբ իրենց զաւակները Յիսուսաբոյր Օճախները կը բերեն։ Իսկ մեր աշակերտ-աշակերտուհիներուն կը վստահեցնենք, որ Կիրակնօրեայէն իրենց սորվածները՝ իրենց ապագային մէջ լուսատու գեղեցիկ ջահեր պիտի ըլլան։








All the contents on this site are copyrighted ©.