2011-11-21 10:04:06

Տէրունական աղօթքը


Սիրելի եւ պատուական հաւատացեալներ ի սփիւռս աշխարհի:
Այսօր, մեր հայ ծիսական տօնացոյցին համաձայն ս. ծննդեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Յիսնակացի պահեցողութեան շրջանին նախօրեակն է, զոր կը կոչենք բարեկենդան, կամ բարիկենդան, որ կը նշանակէ ուրախութիւն, խրախճանք: Պահեցողութիւնը, ինչպէս կ’ըսեն մեր հայրերը կը մաքրէ հոգին, կը բարձրացնէ եւ կ’ազնուացնէ միտքը, կը մեղմացնէ կիրքերը եւ ցանկութիւնները եւ Աստուծոյ լոյսը կը սփռէ մեր հոգիներուն մէջ:
Այս ընթացքը օրհնաբեր դարձնելու համար, եկեղեցին կը թելադրէ մեզի պարզ եւ շատ գեղեցիկ աղօթք մը` Տէրունական աղօթքը, որուն հեղինակը նոյնինքն մեր Տէրն է՝ Յիսուս Քրիստոս:
Տէրունական աղօթքը, մեր քրսիստոնէական հաւատքին ու սկզբունքներուն ամփոփ պարունակութիւնն է, մէկ խօսքով՝«համառօտ աւետարան»: Սոյն աղօթքը կ’արտայայտէ ակնածանք, խոնարհութիւն, յոյս, հաւատք, սէր, միութիւն եւ զղջում:
Յիսուս մեզի այս աղօթքը սորվեցուց որպէսզի Աստուծոյ հետ անդադար խօսինք, անդադար փառաբանենք զինք, ոչ միայն որպէս արարիչ աշխարհի, այլ որպէս հայր՝ հայր գթած, հայր բարեխնամող, հայր սիրոյ եւ ողորմութեան: Մեր հօր Աստուծոյ անունը մեզի համոզում կը ներշնջէ, լաւատեսութիւն եւ նախախնամութիւն: Երկնքի մէջ հայր մը ունինք որ մեր բոլոր կարիքները գիտէ. իր իմաստութեամբ ու նախախնամութեամբ գիտէ ինչ որ բարի է մեզի եւ ինչ որ վատ է: Յիսուս աւետարանին մէջ կ’ըսէ.« խնդրեցէք նախ Աստուծոյ արքայութիւնը եւ անոր արդարութիւնը, եւ այդ ամէնը աւելիով կը տրուի ձեզի» (մտ. 6, 33):
Երբ Աստուծոյ «Հայր» կ’անուանենք, պարտաւոր ենք ըլլալու անոր հարազատ որդիները՝ բարութեան եւ սրբութեան, եւ ոչ թէ չարութեան եւ սատանայի որդիներ:
Երբ կ’ըսենք. «Քու կամքդ թող ըլլայ, ինչպէս երկնքի մէջ նաեւ երկրի վրայ» այս կը նշանակէ որ կատարելապէս հնազանդ պիտի ըլլանք Աստուծոյ եւ մեր կամքը պիտի համակերպի անոր կամքին:
Ի՞նչ է ուրեմն Աստուծոյ կամքը:
Աստուծոյ կամքը՝ մեղքի եւ չարութեան բռնութեան տակ ընկճուած հոգիներու փրկութիւնն է:
Աստուծոյ կամքը՝ կորսուած ոչխարներուն դարձն է դէպի հայրենական տունը:
Աստուծոյ կամքը՝ աշխարհի խաղաղութիւնն է, պատերազմներու դադարումն է:
Աստուծոյ կամքը՝ եղբայրսիրութիւնն է, մարդոց միջեւ հաշտութիւնն է, ներողամտութիւնն է (մեր պարտապաններուն մեղքերը ներենք, որպէսզի Աստուած մեզի ներէ մեր յանձանքները):
Աստուծոյ կամքը եկեղեցիներուն միութիւնն է. «թող մէկ ըլլան ինչպէս ես եւ դուն մէկ ենք» կ’ըսէ Յիսուս:
Ի վերջոյ Աստուծոյ կամքը՝ մարդուն գերագոյն բարիքն է, սէրն է: Աստուած այնքան կը սիրէ մեզ, որ մեզի ազատութիւն կու տայ ապրելու իր հովանիին ներքեւ: Ան միշտ իր կամքը ցոյց կու տայ մեզի, որպէսզի ազատ կամքով համակերպինք իր կեանքին: Աստուած պէտք չունի մեզի, որովհետեւ կատարեալ է, իր անունը սուրբ է. մենք պէտք ունինք իրեն: Պէտք ունինք իր սիրոյն եւ ողորմութեան: Առանձին ամենեւին չենք կրնար ազատիլ մեղքի կապանքներէն: Հօր Աստուծոյ նախախնամութեամբ է միայն որ կրնանք մարդկային խեղճ սահմաններէն դուրս գալ, մահուընէ դէպի կեանք գալ, դէպի սրբութիւն, դէպի յաւիտենական կեանք: ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.