2011-11-21 14:14:24

Հեռախօսամարաթոն 2011-ի Իբրեւ Արդիւնք՝ Աւելի Քան 1 Միլիոն 300 Հազար Էուրոյի Նուիրատւութիւն:


Նոյեմբեր 17-20 Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ “Հայաստան” համահայկական հիմնադրամի 12րդ դրամահաւաք հեռախօսա-մարաթոնը, որուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուեցաւ աւելի քան 1 միլիոն 300 հազար Էուրոյի խոստում:
Ֆրանսայի հինգ քաղաքներէն` Փարիզ, Լիոն, Մարսէյ Նիս եւ Դուլուզ, ձեռնարկին միացած շուրջ 700 կամաւորները՝ 12 ժամ շարունակ զանգահարեցին ընդհանուր առմամբ 60.000 հայ ընտանիքի ու կազմակերպութեան` առաջարկելով իրենց նուիրատւութիւններով մասնակցիլ Հայաստանի ու Արցախի վերականգնման ուղղուած սոյն կարեւոր նախաձեռնութեան:
Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը՝ տեղւոյն հայ համայնքի հանգանակած 1 միլիոն 173 հազար Էուրօ գումարով՝ Արցախի ու Հայաստանի Տաւուշի մարզի մօտ տասը գիւղերու մէջ պիտի իրականացնէ ջրա-մատակարարման ծրագրեր: Իսկ Զուիցերիոյ տեղական մարմինը զուիցերիահայերու կողմէ հանգանակուած 24.150 Էուրօն պիտի օգտագործէ՝ նորոգելու Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցը եւ համա-լրելու դպրոցի գրադարանը: Գալով Գերմանիոյ,Գերմանիոյ տեղական մարմինը գերմանահայերու 81.360 Էուրոյի նուիրատւութիւններով պիտի նորոգէ Գիւմրիի Մանկատունը:
Համա-եւրոպական հեռա-խօսա-մարաթոնին Յունաստանի Յունահայ Համայնքը եւս բերաւ իր նպաստը : Հակառակ Յունաստանի մէջ տիրող տնտեսական ու քաղաքական բարդ իրավիճակին`Յունահայ փոքրաթիւ համայնքը շուրջ 35.000 Էուրօ հանգանակեց, որ պիտի ուղղուի Վանաձորի Մանկատան կարիքներուն:
Յիշեցնենք, որ Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը հեռախօսամարաթոն կը կազմակերպէ 2000էն ի վեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.