2011-11-21 14:16:23

Դասախօսութիւն Մը Առողջապահական Հովուութիւնը Նիւթին Մասին։


Առողջութեան քահանայապետական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, 24-26 նոյեմբեր, Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ գիտաժողով մը հետեւեալ նիւթին մասին ''առողջպահական հովուութիւնը ի սպաս կեանքի, Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ուսուցումին լոյսով''։
Նախապէս առողջապահութեան պատասխանատու եպիսկոպոսները 23 նոյեմբերին իրենց ժողովը կը գումարեն։ Այս երկու դէպքերու աւարտին, 25 նոյեմբերին, համերգ մը կը տրուի Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի թոքախտի եւ սիտայի հիւանդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.