2011-11-20 07:50:11

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ
Գէորգ Ախվէրտեանց. Ցարական Արքունիքի Հայ Բժիշկը։


Նոյեմբեր 17ի լրացաւ մահուան 150ամեակը հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Գէորգ Ախվէրտեանցի, որ յատկապէս իբրեւ Սայաթ-Նովայի մեծարժէք ժառանգութեան առաջին փրկիչը՝ անմահութեան իրաւունք նուաճեց հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ։
19-րդ դարու առաջին տարիներէն սկսեալ, մեր ժողովուրդին պատմութիւնը սերտօրէն կապուեցաւ ռուս ժողովուրդի ճակատագրին հետ։ Վերջին երկու դարերուն հայ ժողովուրդի ապրած ե՛ւ լուսաւոր, ե՛ւ սեւ ու մութ օրերը այս կամ այն առումով առնչուած են Ռուսաստանի, յատկապէս ռուս քաղաքական մտքի զարգացումներուն։
Գէորգ Ախվէրտեանց առաջիններէն էր, որ ռուսական միջավայրի մէջ հայկական տաղանդին առաջին ճառագայթող ներկայութիւններէն եղաւ եւ կրցաւ, ռուս քաղաքական ու պետական եւ գրական թէ մշակութային շրջանակներուն հետ իր սերտ կապերով, ազգային մեծարժէք ծառայութիւն մատուցել Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին։
Ընդհանրապէս հռչակուած իբրեւ առաջին կենսագիրը մեծանուն հայ աշուղ¬բանաստեղծ Սայաթ-Նովայի՝ բանասէր, բժիշկ եւ տնտեսագէտ Գէորգ Ախվէրտեանց ծնած էր 1818ին, Թիֆլիսաբնակ ու ռուսական բանակի հայ սպայի ընտանեկան յարկին տակ: 1834ին աւարտած էր Լազարեան ճեմարանը, իսկ 1839ին՝ Մոսկուայի համալսարանի բժշկական բաժինը:
Ուսման աւարտէն անմիջապէս ետք, 1839-42 թուականներուն, Կովկասի մէջ Ախվէրտեանց աշխատեցաւ եւ ժողովրդականութիւն ձեռք բերաւ իբրեւ զինուորական արժէքաւոր բժիշկ: Բժշկական ասպարեզէն ներս իր ձեռք բերած մեծ հեղինակութեան ու մասնագիտական հմտութեան համար, Ախվէրտեանցը կը հրաւիրեն Ս. Փեթերզպուրկ՝ իբրեւ ռազմական նախարար կոմս Ա. Չերնիշովի անձնական բժիշկ: Ս. Փեթերզպուրկ կը մնայ մինչեւ 1847, երբ կը վերադառնայ Թիֆլիս ու պաշտօնավարութեան կը կոչուի նախ փոխարքայի գրասենեակին, ապա սպանդանոցային մաքսատան գործերու վարչութեան մէջ՝ իբրեւ աւագ աստիճանաւոր՝ զօրավարի կոչումով:
Ինչպէս կը հաստատեն իր կենսագիրները, Գէորգ Ախվէրտեանց բազմակողմանի ունակութիւններով օժտուած եւ ամենատարբեր հետաքրքրութիւններ ունեցող հանրագիտակ անձնաւորութիւն եղած է։ Ան հայրենի մշակոյթին մատուցած է մեծ ծառայութիւն, զբաղած է բանասիրութեամբ, բարբառագիտութեամբ եւ պատմութեան հարցերով: Յայտնաբերած է հին Հայաստանի նախարարներուն պատուաստիճաններու ցուցակը՝ Գահնամակը:
Մոսկուայի մէջ 1852ին, Ախվերդեանցի մօտ ընկեր ու բարեկամ, հայագէտ ու լեզուաբան Մկրտիչ Էմինի օժանդակությամբ լոյս կը տեսնէ Սայաթ-Նովայի երգերուն անդրանիկ ժողովածուն:
Երկար կեանք չունեցաւ Գէորգ Ախվէրտեանց։ Հազիւ 43 տարեկան էր, երբ 17 Նոյեմբեր 1861ին վախճանեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.