2011-11-20 07:50:21

Կիրակի 20 Նոյեմբեր Համաշխարհային Օր ՝՝Մանկութեան Իրաւունքներու՝՝։


20 Նոյեմբերը Մանկութեան Իրաւունքներու Համաշխարհային Օրն է՝ հռչակուած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ 20 Նոյեմբեր 1989ին,իսկ 2008էն սկսեալ տեղի կ՝ունենայ ՝՝Աղօթքի ու Գործառնութեան Օր մը՝՝նուիրուած մանուկներուն (Միացեալ Ազգերու աջակցութեամբ) եւ միշտ աւելի մեծ մասնակցութեամբը Երկիրներու ու Պետական մարմիններու ։ Այսօր այս դիտաւորութեամբ Փարիզի Սուրբ ֆրանչիսկոս Սավերիոսի Եկեղեցիին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ մը նախաձեռնութեամբ՝Մանկութեան Միջազգային Կաթողիկէ Գրասենեակին. Պատարագը գլխաւորեց Եկեղեցւոյ ժողովրդապետը Գերապայծառ Փաթրիք Շովէ՝Փարիզի ընդհանուր տեղապահը։
Մանկութեան Միջազգային Կաթողիկէ Գրասենեակը այս նախաձեռնութեամբ կ՝ընդգծէ ստիպողականութիւնը ու կարեւորութիւնը աղօթքին ու գործառնութեան ,անհրաժեշտ միջոցները նեցուկ կանգնելու Մանկութեան մը՝ որ ենթակայ է միշտ աճող թշուառութեան եւ բնապահպանական խառնակութիւններու, ուստի Միջազգային Գրասենեակը կոչ կ՝ընէ որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել ամենէն փոքրերուն արժանավայել գոյութիւն մը,յարգել անոնց կեանքի իրաւունքը ,պայքարիլ աղքատութեան դէմ, պայքարիլ բռնութեան դէմ մանուկներու նկատմամբ եւ պայքարիլ գործի աշխարհէն ներս անչափահասներու շահագործումին դէմ,ինչպէս նաեւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել անկար երախաներուն ,կարելիութիւն ընծայելով աշխարհի Մանկութեան՝ Ուսում եւ Առողջապահական Խնամատարութիւն ։
Ըստ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տուեալներուն ամէն տարի 15 տարեկանէն վար 150հազար մանուկներ կը մեռնին հետեւանք խոշտանգումի ,իսկ աւելի քան 40 միլիոն մանուկներ զոհ են՝ ֆիզիքական բռնութեանց։ Մանկութեան Միջազգային Կաթողիկէ Գրասենեակը ի տես այս ահազանգային տուեալներուն, Ծրագիր մը մեկնարկած է որ պիտի գործադրուի Չորս Ցամաքամասերու 15 Երկիրներուն մէջ,կանխելու համար նման բռնութիւններ եւ միաժամանկ օժանդակելու մանուկներուն որպէսզի կարենան վերագտնել բնականոն կեանք մը։
Հոս յիշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը երէկ Գոթոնուի Մայր Թերեզայի անուան Տան մէջ հանդիպում ունեցաւ հոն հիւրասիրուող մանուկներուն հետ,ապա մօտակայ Սրբուհի Ռիթայի անուան ժողովրդապետութեան մէջ ալ,այլ հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքի բազմահարիւր մանուկներուն հետ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.