2011-11-19 08:29:44

Սրբազան Քահանայապետին Ճառը Ողորմութեան Տիրամօր Մայր Տաճարի Մէջ։


Պենինի Օդակայանին մէջ տեղի ունեցած՝ Բարի Գալուստի արարողութենէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Գոթոնու-ի Ողորմութեան Տիրամօր Մայր Տաճար, ուր իր արտասանած ճառին մէջ, նախ անդրադարձաւ Տաճարին մէջ թաղուած Գոթոնու-ի երբեմնի երկու Արքեպիսկոպոսներու նուիրական գործունէութեան, հուսկ խորհրդածութիւն մը կատարեց Աստուածային ողորմութեան մասին, որը փրկարար է։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը աւարտեց Աստուածամօր ուղղուած աղօթքով յորդորելով հաւատացեալները առանց վախի դիմելու Անոր որ իր զաւակներուն շարունակաբար կը պարգեւէ Աստուածային շնորհքներ։
Գոթոնու-ի Արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Կանյէ անդրադառնալով Սրբազան Հօր այցելութեան, ու Առաքեական Յորդորագիրին, ըսած է ՜՜ Սրբազան Քահանայապետը Պենին կը ժամանէ մեզ հաստատելու մեր հաւատքին մէջ եւ հայրական քաջալերական խօսք մը ուղղելու բոլորին՝՝։ Գերապայծառը ապա նկատել տուած է որ Առաքելական Յորդորագիրը շատ կարեւոր է ,որովհետեւ կը խօսի հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան մասին։ Մենք պէտք ունինք այս երեք արժէքներուն, ափրիկեան ցամաքամասի մէջ, ուր շատ տեղեր տակաւին պատերազմ կայ ։Պէտք ունինք այս յորդորագիրին աւելի լաւ հասկնալու որ հաշտութիւնը, խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ պէտք է արմատանան որպէսզի դառնանք Քրիստոսի իսկական վկաները։
Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետի առաջին օրուայ ճառերը ունէին հոգեւոր բնոյթ։








All the contents on this site are copyrighted ©.