2011-11-19 12:56:40

Ափրիկէի Առաքելական Յորդորագիրի Ներկայացումը։


Շաբաթ 19 նոյեմբեր 2011, Պենինի մէջ տեղի ունեցաւ Ափրիկէի Եկեղեցւոյ Ուղղուած Առաքելական Յորդորագիրի Ներկայացումը` որ հոկտեմբեր 2009-ին Ափրիկէի ի նպաստ Վատիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսներու յատուկ սիւնոդոսին արդիւնքն է։ Նորին Սրբութիւնը բնագիրը անձամբ պիտի յանձնէ Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն Գոթոնուի մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին, կիրակի 20 նոյեմբերին։
Յորդորագիրը` որուն վերնագիրն է ''Ափրիկէի յանձնառումը'', կապուած է 1995 ի՝ Ափրիկէի ի նպաստ առաջին հաւաքին հետ , յետ սինհոդոսական ՜՜Եկեղեցին Ափրիկէի մէջ՝՝ Յորդորագրին, 2010-ի ՜՜ Աստուծոյ Խօսքը՝՝ սիւնհոդոսական յորդորագիրին եւ ՜՜Նոր Աւետարանացումի՝՝ 2012-ի սիւնհոդոսի պատրաստողական թղթածրարին։
Պենետիկտոս ԺԶ.ի Առաքելական Յորդորագիրը բաժնուած է երկու մասերու. առաջինը՝ կը խօսի եկեղեցւոյ կազմին ու ափրիկէի մէջ անոր տարած առաքելութեան մասին։ Կը մեկնի այս իրողութենէն որ Ափրիկէն պէտք ունի լսելու Քրիստոսի ձայնը որ ՜՜Սէր՝՝ կը հռչակէ նոյնիսկ թշնամիին հանդէպ, ու կը հրաւիրէ հաշտուելու՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հետ, որ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտ ուղին է։
Յորդորագիրի այս առաջին հատուածին մէջ, կը խօսուի եկեղեցւոյ ու հասարակութեան այն մարզերու մասին, ուր պէտք է գործադրուին յորդորները, մեկնելով՝ ընտանիքէն անդրադարձ կը կատարուի Կիներուն եւ մանուկներուն, որոնք հիմը կը կազմեն ափրիկեան ընկերութեան, հուսկ կը խօսուի կեանքի սրբութեան մասին։
Վատիկանեան վաւերաթուղթը գոհունակութեամբ ի յայտ կը դնէ ցարդ կատարուած յառաջդիմութիւնը, համամիութենական երկխօսութեան մարզէն ներս։ Համամիութեան երկխօսութիւնը յոյժ կարեւոր է Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ, եւ քրիստոնեաները հաւատաւոր կը դարձնէ Քրիստոսի Աւետարանի քարոզութեան ու տարածման։ Միաժամանակ յորդորագիրը կը խօսի միջկրօնական երկխօսութեան մասին, եւ մասնաւորապէս շեշտը կը դնէ հոգեպաշտներու ու մահմետականներու հետ երկխօսութեան վրայ, թէեւ կը մատնանշուի նաեւ այն դժուարութիւնները որոնք արգելք են երկխօսութեան աղանդներու ու տեղական ինքնագլուխ եկեղեցիներուն հետ։
Յորդորագիրը կ՛ընդգրկէ կոչ մը՝ Ափրիկէի ընկերային ու քաղաքական պատասխանատուներուն։ Կը հրաւիրէ քրիստոնեաները յանձնառումով գործելու ընկերային ու քաղաքական մարզերուն մէջ, յանձնառութեամբ, պարկեշտութեամբ ու անշահախնդիր կերպով, ընդհանուրին բարիքին համար, ու համագործակցելով բարի կամք ունեցող մարդոց հետ ։
Յորդորագիրը Կը հրաւիրէ յարգել սահմանադրութիւնը, ազատ ընտրութիւնները ու բնութեան պահպանումը, բաղձանք յայտնելով որ ափրիկեան մեծ հարստութիւնները սատարեն բոլոր ափրիկեցիներու ամբողջական բարգաւաճումին։
Առաքելական Յորդորագիրի երկրորդ մասը սահմանուած է եկեղեցւոյ առաքելութեան դաշտին։ Ան յատկապէս ուղղուած է եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նորնծաներուն ու աշխարհական հաւատացեալներուն։ Բնագրին մէջ կը խօսուի Եկեղեցւոյ ներգործութեան մասին, դաստիարակութեան ու առողջապահութեան մարզերէն ներս, պայքար մղելով անգրագիտութեան ու մեծ համաճարակներու դէմ, մասնաւորապէս թոքախտի, սիտայի եւ մալարիայի հիւանդութիւններու դէմ։
Յորդորագիրին մէջ կ՝ակնարկուի նաեւ նոր աւետարանացումին՝ որպէս Բարի Լուրի աւետում բոլոր անոնց որոնք տակաւին չեն ստացած այս բարի լուրը։
Հուսկ՝ Վատիկանեան վաւերաթուղթը կոչ կ'ուղղէ միջազգային հասարակութեան որպէսզի ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը, ու խօսելով զօրակցութեան համաշխարհայնացումին, արդարութեան ու խաղաղութեան երաշխաւորումի մասին, կը յանդիմանէ շռայլ կեանք վարողները որ չապրին աղքատներու հաշւոյն ։
Ափրիկէի առաքելական յորդորագիրը կ'առաջարկէ օժանդակութեան սկզբունքը ափրիկեան բնաշխարհին մէջ, ընդգծելով անհատին գլխաւորութիւնը պետութեան վրայ։ Եւ համաձայն եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան, յորդորագիրը կը մատնանշէ որ եղբայրօգնութիւնը մեծապէս կարեւոր է , քանի որ սովի, աղքատութեան, համաճարակի եւ ապասնունդի մարտահրաւէրները, կը հրաւիրեն եկեղեցին ու բարի կամք ունեցող մարդիկը գործելու՝ այս ուղղութեամբ ։
Յորդորագիրի վերջին մասը կը ներփակէ գործօն առաջարկներ ու կ՛եզրափակուի շեշտը դնելով յոյսի վրայ։ Սրբազան Հայրը ափրիկեան ցամաքամասի ուղեւորութիւնը կը յանձնէ Աստուածամօր յոյս յայտնելով որ իւրաքանչիւր անձ դառնայ հաշտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան առաքեալ մը ու Ափրիկէի եկեղեցին ըլլայ մարդկութեան հոգեւոր կենսունակ սիրտը։








All the contents on this site are copyrighted ©.