2011-11-18 12:33:53

Ռատիօ Վատիկանի 80ամեակի առթիւ՝Ճանչնանք Ռատիօ Կայանի այլ Սպասարկութիւնները։
Տեղեկատուական Ընդհանուր Սպասարկութիւն-ը (SIC/Servizi Informativi Centrali)։


Ռատիօ Վատիկանի Տեղեկատուական Ընդհանուր Սպասարկութիւնը ծնունդ առաւ աստիճանաբար։ Սպասարկութեան սկզբնատառը ՜՜SIC՜՜ սկսաւ գործածուիլ պաշտօնապէս 2 Մարտ 1987-ին։ Ռատիոյի այս Խմբագրութիւնը առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ մեկտեղէլ՝ Ռատիօ Վատիկանի երկարակեաց լրատուուական տեղեկագրութիւնները,ինչպէս ՝՝Radiogiornale/Ռատիօ-Թերթը եւ Quattro Voci/ Չորս Ձայներ ՝՝ անունով Յայտագիրները ։ Ռատիօ-Թերթը(լուրեր բովանդակող) օրուայ մէջ կը հաղորդուէր մէկէ աւելի անգամներ՝ Իտալերէն,Անգլերէն,ֆրանսերէն ու Սպաներէն լեզուներով որ Վատիկանի Ռատիոկայանը ժառանգած էր 1975ի՝ Սուրբ Տարուայ համար պատրաստուած յատուկ Յայտագիրէն։
Այսպէս 1986էն սկսեալ Սպանացի Յիւսուսեան Հայր Իկնազիօ Արրէկի կը փոխարինէր Իտալացի Յիսուսեան Հայր ֆարուզի-ին, որպէս տնօրէն ՝՝Radiogiornale՝՝-ին, ընդարձակելով Վատիկանեան Լրատուութեան հորիզոնները ,տեղ տալով՝ առաջին անգամ ըլլալով քաղաքական ու ընկերային միջազգային դէպքերուն,ինչպէս 1986-ի ապրիլին պատահած ամերիկեան ռմբակոծումը Լիպոյ ու Պենկազիի վրայ,Ռատիօ Վատիկանը այդ առթիւ հետեւեցաւ դէպքին առանց ընդմիջումի , խիտ ժամանակագրութեամբ մը՝ դիւանագիտական-զինուորական այդ տագնապի յեղաշրջումին։ Իսկ 25 Ապրիլին (նոյն տարին)լոյս տեսաւ նոր ժամանակագրութիւն մը ՝՝Միջազգային Համայնապատկեր՝՝ անունով որը 2002էն սկսեալ պիտի կոչուէր ՝՝Աշխարհի 24 ժամերը՝՝ ։
Իսկ Quattro Voci (Չորս Ձայներ) հաղորդաշարի յայտագիրները միշտ աւելի կ՝ամրապնդէին իրենց ներկայութիւնը Ռատիօ Վատիկանի հաղորդաշարերու ծիրէն ներս,ունենալով աշխատակիցներու որակաւոր խումբ մը, ապա ազատ լրագրողներ,եւ այլ թերթերու ու ռատիօկայաններու աշխատակիցներ որոնք կը պատրաստէին ու կը պատրաստեն՝ տեղեկագրութիւններ նաեւ Պապին Ձայնասփիւռին համար ալ,աշխարհի չորս ծագերէն ։
29 Սեպտեմբեր 1991-էն սկսեալ Ռատիօ-Թերթը (լուրերը) Radiogiornale-ն կը ձայնասփռուէր Իտալերէն,Անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ ՝՝Սպաներէն՝՝ը խումբէն ելլելով կազմեց իրեն յատուկ նոր խմբագրաբաժին մը։ 2001ին եւ ապա 2005ին նոյնպէս Անգլերէն ու ֆրանսերէն տեղեկատուութիւնները եւս կազմեցին իրենց խմբագրութիւնները եւ Ռատիօ Վատիկանի Տեղեկատուուական Սպասարկութիւնը մնաց ՝՝միայն՝՝ Իտալերէնով,բայց պահելով միջազգային իր բնոյթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.