2011-11-18 12:48:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Պենինի Մէջ.
՜՜Յոյսի, Արդարութեան, Հաշտութեան Եւ Խաղաղութեան Պագամաբեր՝՝։


Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, Պենին կատարած՝ առաջին առաքելական այցելութենէն 32 ամիս ետք, դարձեալ կ՛այցելէ ափրիկեան ցամաքամասը՝ Պենին, ուր Ափրիկեցի Եպիկոպոներուն պիտի յանձնէ ՜՜Առաքեալական Յորդորագիրը՝՝։ Պենետիկտոս ԺԶ 2009-ին առաջին անգամ այցելեց Ափրիկէն՝ Գամէրունը եւ Անկոլան որուն ընթացքին Սրբազան հայրը Ափրիկեցի եպիսկոպոսներուն յանձնած էր Ափրիկէի Եկեղեցւոյ Յատուկ սիւնհոդոսի <<աշխատանքային թղթածրարը>> Instrumentum Laboris։Սիւնհոդոսը՝ որ տեղի ունեցաւ նոյն տարուայ մէջ, այսինքն 2009 ի՝ Հոկտեմբեր 4-25ը Վատիկանի մէջ, եւ որուն արդիւնք՝ հրատարակուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին ՜՜Առաքելական Յորդորագիրը՝՝ որ ինչպէս նշեցինք Եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնուի Ուիտայի մէջ, շաբաթ 19 նոյեմբերին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այս առաքեալկան ճամբորդութիւնը տեղի կ՛ունենայ նաեւ՝ Պենինի աւետարանացման 150րդ տարեդարձին առթիւ, որով 1861 ին շնորհիւ սպանացի եւ իտալացի երկու առաքեալներու, ծնունդ առած է Պենինի Կաթողիկէ եկեղեցին։ Այս երկու կարեւոր առիթներէն զատ, Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուզէ նաեւ յատուկէն յարգանքի տուրք մատուցել Պենինի զաւակ եւ Գոթունոյի առաջին տեղացի արքեպիսկոպոս Կարտինալ Պերնարտին Կանթէնի դամբանին առջեւ։ Ի դէպ, Կարտինալ Կանթէն եղած է իրաւունքի, ազատութեան եւ հաւասարութեան առաջին ռահվիրան։








All the contents on this site are copyrighted ©.