2011-11-18 12:50:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Պենին։


Ուրբաթ օրը, առաւօտեան ժամը 9ին Սրբազան Քահանայապետի թռիչքը Հռոմի ֆիումիչինօ օդակայանէն մեկնեցաւ, դէպի Ափրիկէ, 6 ժամ տեւողութեամբ ճամբորդութենէ ետք, յետ միջօրէին, ժամը 15ին կը հասնի Գոթունոյի Կարտինալ Պերնարտին Կանթէնի անուան օդակայանը, ուր տեղի կ՛ունենայ Բարի Գալուստի արարողութիւնը, ներկայութեամբ՝ Պենինի նախագահ՝ Տիար Եոնի Պոնիի, Գոկունոյի Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Անթուան Կանէյի ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի առաքելական Նուիրակին, ու նաեւ՝ քաղաքական ու եկեղեցական այլ իշխանութիւններուն։
Բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը պիտի արտասանէ իր առաջին ճառը։
Պենինի մայրաքաղաք՝ Գոթունուն ամենէն շատ բնակիչ ունեցող քաղաքն է, բնակչութեան թիւը կը հասնի 757.356-ի։ Գոթունոյի Արքեպիկոպոսարանը հաստատուած է 14 սեպտեմբեր 1955-ին, երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ. Քահանայապետի կողմէ։ Գոթոնույի Արքեպիսկոպոսութիւնը ունի 3.233 քլմ քառակուսի տարածութիւն եւ 2.168.000 բնակչութիւն որոնցմէ 680.386 կաթողիկէ են։ Հոն կը գործեն 63 ժողովրդապետութիւններ, 256 քահանաներ, 175 կրօնաւորներ եւ 463 կրօնաւորուհիներ։ Վերջին տարուան ընթացքին աւելի քան 19.881 մանուկներ մկրտուած են։
Գոթունոյի Արքեպիկոպոսն է Գերապայծառ Անթուան Կանյէ որ նաեւ Պէնինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է։ Ան ծնած է 1938-ին, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1969-ին, եւ 1995-ին եպիսկոպոս ընտրուած ու օծուած, ու 2010-ին դարձած է Գոթունոյի Արքեպիսկոպոս։

Կարտինալ Պէրնարտէն Կանթէնի անուան օդակայանին մէջ, բարի գալուստի արարողութենէ ետք, Նորին Սրբութիւնը իր շքախումբով կ՛ուղղուի Գոթունոյի ՜՜Ողորմութեան Տիրամօր՝՝ Մայր Տաճարը, որ կը գտնուի օդակայանէն 12 քլմ հեռաւորութեան վրայ ։
Ողորմութեան Տիրամօր Տաճարը կառուցուած է 1901ին եւ 1960 - 1971 Կարտինալ Կանթէնի հրամանով եղած էր Գոթունոյի Արքեպիսկոպոսական Աթոռանիստ եկեղեցի։

Ողորմութեան Տիրամօր Մայր Տաճարի մուտքին, Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորէ Մայր Տաճարի Րէկտորը, ապա մուտք գործելով եկեղեցի, Նորին Սրբութիւնը պահ մը կ՝աղօթէ, Գոթունոյի երբեմնի Արքեպիսկոպոսներու դամբանին առջեւ։ Ապա տեղի կ՛ունենայ Te Deum - գոհաբանական աղօթքը։ Աւարտին Գոթունոյի Արքեպիսկոպոսը`ողջոյնի խօսք մը կ՛ուղղէ Սրբազան Հօր որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ճառ մը պիտի արտասանէ։ Արարողութիւնը վերջ կը գտնէ Հայր մեր եւ հրեշտակ տեառն մարեմեան աղօթքներով ու Սրբազան Քահանայապետի առաքեալական օրհնութեամբ։

Ժամը 17ին Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի Գոթունոյի առաքելական դեսպանատուն ուր կը գիշերէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.