2011-11-18 12:50:42

Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներուն Կոչը Քրիստոնեաներուն՝ Կառչած Մնալու իրենց Հայրենիքին


Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու 20-րդ համաժողովը որ տեղի ունեցաւ 14-17 նոյեմբեր, Պքերքէի մէջ- Լիբանան, փակման հաղորդագրութեան մէջ, համաժողովը կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն կառչած մնալու իրենց հայրենիքին, հաւատարիմ մնալով իրենց առաքելութեան, համակեցութեամբ ապրելու շրջանի ընկերային ու կրօնական այլ հատուածներուն հետ։ Համաժողովը առաջարկեց միացեալ եւ հովուական համագործակցութիւնը Եկեղեցիներուն միջեւ, որպէս հիմնական հրամայական՝ միասնականութեան։ Հաղորդագրութիւնը շեշտեց ազգային երկխօսութեան եւ մարդկային իրաւանց յարգանքին վրայ, կոչ ուղղելով քաղաքական եւ ընկերային բարենորոգումներու գործադրման, ի սպաս խաղաղութեան ու արդարութեան հաստատման։
Համաժողովը հաստատեց նաեւ պաղեստինեան հարցին արդար ու խաղաղ լուծումը, հասնելու համար խաղաղութեան սուրբ Երկրին մէջ, միջազգային օրէնքին եւ բանաձեւերուն համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.