2011-11-17 12:26:01

Ս. Պետրոս Հրապարակի Մսուրի Շինարարութեան Պատրաստութիւնները Արդէն Իսկ Սկսած Են։


Ս. Պետրոս հրապարակի մսուրը աշխարհի ամենէն շատ այցելու ընդունող մսուրն է։ 2011-ի՝ շինարարութեան աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են։ Մսուրը պատրաստ պիտի ըլլայ 24 դեկտեմբերի գիշերը։ Մսուրին հսկայ արձանները, պատրաստուած՝ 1842-ին, նուէրն են Հռոմի Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ։
Յայտնենք որ երանելի Յովհաննէս Պօղոս երկրորդ Քահանայապետը ,1982-ին, բաղձանք յայտնած էր որ Ս. Պետրոսի հրապարակին կեդրոնը բարձրանայ հսկայ մսուր մը ու այդ օրէն ի վեր է որ այս սովորութիւնը կը շարունակուի տարիէ տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.