2011-11-17 12:23:14

Յառաջիկայ 28 Նոյեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ունկնդրութիւն Պիտի Շնորհէ Լիբանանի Վարչպետ Նաժիպ Միքաթիին։


Լիբանանու վարչապետ Նաժիպ Միքաթին անցեալ 25 յունուարէն ի վեր Լիբանանի Նախագահի կողմէ վարչապետ նշանակուած է։ Ըստ զանազան աղբիւրներու Լիբանանի վարչապետի այս այցելութեան առթիւ հաւանական է որ Սուրբ Աթոռը յայտարարէ Սրբազան Քահանայապետի 2012 Լիբանան կատարելիք ճամբորդութեան լուրը։ Սրբազան Քահանայապետին Մայրիներու Երկիր այցելութիւնը՝ առիթ մըն է Արեւելքի եպիսկոպոսներուն յանձնելու 2010ի հոկտեմբեր 10 - 24 Վատիկանի մէջ գումարուած Արեւելեան Եկեղեցիներու յատուկ սիւնհոդոսի՝ <<Առաքելական Յորդորագիրը>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.