2011-11-17 12:20:19

Հակիրճ Ակնարկ Մը Պենին Առաքելավայրի Մասին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Ճմաբորդութեան Վայրը։
Ափրիկեան Այդ Ենթասահարայի Մէջ Ծնած Էր Առաջին Կարտինալը։


1861ի ապրիլին, ծնունդ առաւ Պենինի կաթողիկէ եկեղեցին շնորհիւ սպանացի եւ իտալացի երկու առաքեալներու։
2011-ին, Պենինի եկեղեցին կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 150-րդ տարեդարձը, ու այս առթիւ է որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 18- 20 նոյեմբեր հովուական այցելութիւնը պիտի կատարէ երկրին։
Սպանացի եւ Իտալացի Պենինի երկու առջաին առաքեալները կարողացան երկու տարուան մէջ կնքել աւելի քան 288 երախաներ եւ 19-րդ դարուն աւարտին, Պենինի մէջ արդէն կային 5 հազար քրիստոնեաներ։
1955-ին երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ Քահանայապետն է որ ստեղծեց Գոթոնու-ի արքեպիսկոպոսական թեմը։
Պենինէն քահանայ մը, կը դառնայ իրաւունքի ազատութեան ու հաւասարութեան առաջին ռահվիրա-ն, յանձին՝ հայր Պերնարտէն Կանթէնի (1922-2008), որ 1960-ին կը դառնայ նաեւ Գոթոնու-ի արքեպիսկոպոսական թեմին առաջին տեղացի արքեպիսկոպոսը ։
Կարտինալ Պերնարտին Կանթէնը եղաւ նաեւ առաջին ափրիկեցին, որ կարելիութիւն ունեցաւ անդամ դառնալու՝ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառավարութեան, ստանցնելով եպիսկոպոսական ժողովի կառավարիչի պաշտօնը ։ 1993ին Ան դառձաւ կարտինալական դասի գահերէցը։
Յայտնենք որ, Կարտինալ կանթէնի մանկութեան տարիներու Պենինին մէջ չկար բնիկ քահանայ մը։ Առաջին քահանան ձեռնադրուեցաւ 1928-ին։
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնարկութենէն 150 տարի ետք, Պենինը կը մնայ առաքելութեան հող մը, անոր բնակչութեան 70 տոկոսը հոգեպաշտ են եւ կը հետեւին Վուտու մշակոյթին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երբ Ռադիզպոնա համալսարանի դասատու էր խնդրած էր աւելի լրջութեամբ ուսումնասիրել այս խորհրդաւոր մշակոյթը։
Իր վերջին աշակերտներէն մէկը տոքթորայի բանասիրութիւնը կատարած էր Վուտուի մշակոյթի մասին եւ նոյն նիւթին շուրջ գիրք մը հրապարակած։ ''Մեկնողական փորձ մը Վուտուի մշակոյթին'' խորագրով։ Այդ աշակերտը` գերապայծառ Բարթելեմի Ատուքօնու, վերջերս դարձաւ նաեւ մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը,ու Սրբազան Քահանայապետին պիտի ընկերանայ Պենինի առաքելական այս ճամբորդութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.