2011-11-16 12:51:42

Լիբանան։ Եւրոպայի Խորհրդականները Կը Բանակցին Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ապագային Մասին։


Նոյեմբեր 18ին եւ 19ին Եւրոպայի խորհրդականները, Լիբանանի խորհրդականներու հետ միասին համաժողով մը կազմակերպած են դիմագրաւելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցը։ Համաժողովի բնաբանն է ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ապագան` հանգրուան մը դէպի կրօնքի ազատութիւն''։
Ժողովը սկիզբ կ՛առնէ ուրբաթ 18 նոյեմբերի առաւօտուն Քասլիք համալսարանի ՅՊԲ անուան նուիրուած սրահին մէջ։ Կլոր սեղաններու ընթացքին պիտի արծարծուին նիւթեր ինչպէս Քրիստոնեաները եւ փոքրամասնութիւննեը` մարդկային արժանապատութեան գինը` մարդու Իրաւունքները ու մարդու արժանապատութիւնը։ Պիտի շօշափուին նաեւ Քրիստոնեաներու ներդրումը` հաշտութեան ճանապարհով, հասարակական կեանքէն ներս, դաստիարակութեան` աշխատանքի` առողջապահական եւ ընկերային այլ սպասարկութիւններու հարցեր։

Համագումարը կը փակուի շաբաթ 19 նոյեմբերի յետ միջօրէին մամլոյ ասուլիսով։
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ս. Երկրի լատիներու պատրիարքը, ` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ ու Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի անդամները։
Աս առթիւ կիրակի 20 նոյեմբերին մարոնիներու Պշարա Ռայի Պատրիարքը պիտի գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն կը մասնակցին նաեւ ժողովականները։
Նշենք նաեւ որ 14-17 նոյեմբեր Մարոնիներու Պատրիարքութեան կեդրոն Պքերքէի մէջ տեղի կ՛ունենայ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու համաժողովը քննարկելու Միջին Արեւելքի վատիկանի մէջ 2010ին քումարուած Եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսէն («Ընկերութիւն եւ Վկայութիւն» խորագրով) յառաջացած առաջադրանքներու գործադրումը, ու անդրադառնալու նաեւ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն եւ շրջանի քրիստոնեաները յուզող հարցերուն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.