2011-11-16 12:52:44

Գանատայի Մէջ ՀՀ Դեսպանը Հանդիպած է Գանատա-Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Անդամներուն Հետ։


Գանատայի Խորհրդարանին մէջ Նոյեմբեր 15ին տեղի ունեցած է անդրանիկ հանդիպումը ՀՀ դեսպան Արմէն Եկանեանի եւ վերստին կազմաւորուած Գանատա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներու միջեւ: Խումբին մաս կը կազմեն 18 պատգամաւորներ` Գանատայի Պահպանողական (իշխող), Ազատական եւ Նոր Ժողովրդավարական կուսակցութիւններէն:
Դեսպանը ներկայացուցած է ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ արդի մարտահրաւէրները: Կողմերը կարեւոր համարած են հայ-գանատական բարեկամութեան ամրապնդման, մասնաւորապէս` միջ-խորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման հարցերը: Դեսպանը երախտագիտութիւն յայտնած է պատգամաւորներուն Գանատայի Խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.