2011-11-15 12:50:07

Պիէլորուսիան Օգնութեան Կոչ կ՛ուղղէ Վատիկանին։


Երկուշաբթի 14 նոյեմբերին, Պիէլորուսիոյ Նախագահը՝ Ալեքսանտր Լուքաշէնքոն հանդիպում ունենալով Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ՝ Կարտինալ Գիւրտ Գոխի հետ, յայտնած է անոր իր մտավախութիւնը եւրոմիութեան եւ միացեալ նահանգներու Պիէլորուսիոյ հանդէպ ունեցած քաղաքական մօտեցումին, զայն որակելով << անկանոն>> եւ այս ուղղութեամբ կոչ ուղղած է Սուրբ Աթոռին որպէսզի միջամտէ, պաշտպանելով՝ արդարութեան ընթացքը ։
Նշենք որ Պիէլորուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւնները, վատթարացան 2010 դեկտեմբերի նախագահական ընտրութիւններէն ետք, ու ցուցարարները զսպելու միտումով ուժի դիմելէ ետք։ Նշենք նաեւ որ Ալէքսանտր Լուքաշէնքոն 1994-էն ի վեր կը կառավարէ Պիէլորուսիան։








All the contents on this site are copyrighted ©.