2011-11-15 12:48:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Պենին Կատարելիք իր Ճամբորդութիւնը Կը Յանձնէ Ափրիկեան Ցամաքամասի Բնակիչներու Աղօթքին։
Հաստատել Ափրիկէի Քրիստոնեաներուն Հաւատքը եւ Յոյսը ։


Ափրիկէի աւերտարանացման 150-րդ տարեդարձին առթիւ, յառաջիկայ 18-20 նոյեմբեր Սրբազան Քահանայապետը պիտի մեկնի Պենին, Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն յանձնելու՝ Առաքելական Յորդորագիրը։
Անցեալ կիրակի օրը, 13 նոյեմբերին, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը խնդրած էր հաւատացեալներէն որ աղօթեն այս ճամբորդութեան յաջողութեան համար։ Կ՛երթամ -ըսած էր Նորին սրբութիւնը - հաստատելու Ափրիկէի Քրիստոնեաները Հաւատքի ու յոյսի մէջ։
Սրբազան Քահանայապետի այս առաքելական ճամբորդութիւնը կ՛ուզէ արծարծել խաղաղութեան, արդարութեան ու հաշտութեան զգացումներ։
Վատիկանի Բանբերը՝ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, որ երէկ մամուլին ներկայացուց այս ճամբորդութեան օրակարգը, յայտարարած էր որ Սրբազան Քահանայապետը գիտակից է Ափրիկէի մէջ տիրող կացութեան ու երկրին հացերուն, ու ան կ՛ուզէ քաջալերել ափրիկեցիները յանձնառութեամբ աշխատելու՝ հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ Աւետարանի ամբողջական տարածումի ի նպաստ։
Պենին այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը առիթ պիտի ունենայ մեծարելու Կարտինալ Պերնարտին Կանթէնը ու ոգեկոչելու անոր յիշատակը (1922-2008)։
19 Նոյեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Անարատ Յղութեան Պազիլիքայի մէջ պիտի ստորագրէ Առաքեալական Յորդորագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.