2011-11-15 12:51:40

Մոնրէալի Մէջ Մեկնարկած «Հայաստան» Հիմնադրամի Հանգանակութիւնը։


Մոնրէալի մէջ Նոյեմբեր 12ին մեկնարկած է “Հայաստան” համահայկական հիմնադրամի աւանդական տարեկան հանգանակութիւնը: Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հովանիի տակ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ եղած են հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարները եւ վեհանձն բարերարներ։
Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Եկանեան երախտագիտութիւն յայտնած է ներկաներուն եւ ըսած “Ձեր բոլորի մասնակցութիւնը կարեւոր է որքան նիւթական, նոյնքան ալ բարոյական առումով: Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համատեղ ջանքերով միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ յաղթահարել պատմութեան ներկայ փուլին հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու անլուծելի նկատուող խնդիրները”:








All the contents on this site are copyrighted ©.