2011-11-15 12:49:59

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
՜՜Տագնապ եւ Ձրիութիւն՝՝։


Վատիկանի ձայնասփիւռի Տնօրէնը այս շաբթուայ խմբագրականը յատկացուց Եւրոպայի մէջ տիրող տնտեսական տագնապին, որ - ինչպէս կը գրէ Լոմպարտին - նեղութեան կը մատնէ եւրոպական ցամաքամսը եւ լարուածութիւն, մտահոգութիւն եւ անձկութիւն կը յարուցէ` աշխարհի մէջ։
Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հօր խօսքը ուղղուած՝ երիտասարդ կամաւորներուն, որոնք Հռոմի մէջ համախմբուած են Եւրոպական Կամաւորներու Տարւոյն առթիւ, կրնայ յոյսի նշոյլ մը ըլլալ։ Ձրիութեան մասին է խօսքը, այսինքն ապրիլ ոչ թէ միայն անձնական շահերու համար, այլ նաեւ՝ նուիրումի հոգիով։
Այն ձրիութիւնը որուն ակնարկած էր Սրբազան Հայրը իր վերջին Շրջաբերական Թուղթին մէջ , <<ձրիութեան շուկան գոյութիւն չունի ու կարելի չէ օրէնքով հաստատել նուիրումի պարտականութիւնը։ Թէեւ ըլլայ շուկան ըլլայ քաղաքականութիւնը կարիքն ունին անձնուէր անձերու։ Սրբազան հայրը ապա կ՛աւելցնէ <<որպէսզի իսկական արդարութիւն տիրէ հարկ է աւելցնել զօրակցութիւն եւ անձնուիրում։>> հարկ է անձնական շահերու տրամաբանութենէն դուրս ելլել ու աւելի հեռուն նայիլ։ Իրողութիւններ որոնք երազանքի աշխարհի չեն պատկանիր, այլ կ՛արմատանան ամէնօրեայ կեանքի փորձառութեան մէջ, ընտանեկան կեանքէն սկսելով։
Ներշնչելու համար երիտասարդները, Քահանայապետը կը մէջբերէ Յիսուսի խօսքերը <<ձրի առիք, ձրի տուէք>> (Մատթ. 10.8)։
Արդ միայն հացով չ՛ապրիր մարդը այլ անհատներու միջեւ հաստատուած յարաբերութիւններով եւ ուրիշներու հանդէպ ցուցաբերած մտահոգութամբ ու անշահախնդիր, փոխադարձ սիրով։ Այսպէսով կը վերակառուցուի Մարդոց ու ազգերու միջեւ փոխադարձ վստահութիւն։
Այս է գուցէ մեկնակէտը որով դարձեալ կը վերականգնի աշխարհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.