2011-11-15 13:18:55

Խաղաղութեան Միջ -Եկեղեցական Խորհուրդի Pax Christi-ի Ղեկավարը Արցախ Այցելած։


ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Նոյեմբեր 14ին ընդունած է «Խաղաղութեան միջեկեղեցական խորհուրդ (IKV PAX CHRISTI) հոլանտական կազմակերպութեան տնօրէն Ֆրիք Լենտմեթըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Լենտմեթըր հաղորդած է, որ իր տնօրինած կազմակերպութիւնը, յանուն խաղաղութեան՝ մեծագագոյն շարժումն է Հոլանտայի մէջ եւ ունի իր համախոհները տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Կազմակերպութեան նպատակն է օգնել տարբեր երկիրներու մէջ հանրային հատուածի կայացման ու զարգացման, իշխանութիւններու եւ ոչ-կառավարական կառոյցներու հետ շփումներու միջոցով աջակցիլ առկայ հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման, կայուն խաղաղութեան հաստատման ու ժողովրդավարական հասարակութիւններու կառուցման:








All the contents on this site are copyrighted ©.