2011-11-15 12:51:17

Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Համաժողովի Բացում Պքերքէի Մէջ,


Լիբանան- Երկուշաբթի, 14 նոյեմբերի ժամը 5-ին, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու համաժողովին բացումը, որ պիտի ընթանայ մինչեւ հինգշաբթի օրը՝ 17 նոյեմբերին, եւ պիտի քննարկէ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսէն («Ընկերութիւն եւ Վկայութիւն» խորագրով) յառաջացած առաջադրանքներուն գործադրումը, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն եւ շրջանի քրիստոնեաները յուզող հարցերուն եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.