2011-11-15 12:48:47

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կոչը Սուրիահայութեան,


Միասնական ոգիով, իմաստուն ու հանդարտ մօտեցումով դիմագրաւելու դժուարութիւնները։

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանին ու Քաղաքական ժողովին միջեւ: Առաջնորդ սրբազանը եւ Քաղաքական ժողովի անդամները լայնօրէն զեկուցեցին Սուրիոյ ներքին կացութեան մասին, յատկապէս ծանրանալով հայ համայնքին վրայ: Զեկուցումներուն ընթացքին անդրադարձ եղաւ Ազգային առաջնորդարանի եւ հայ համայնքին մէջ գործող կազմակերպութիւններու ցարդ կատարած աշխատանքներուն:
Հանդիպման աւարտին, վեհափառը նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց սուրիական հայրենիքին մէջ յառաջացած դժուարութիւններուն դիմաց եւ ազգային-եկեղեցական կեանքը միակամ ու արթուն պահելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն համար: Յիշեցնելով որ՝ ՜՜ ջարդերէն ետք Սուրիան տարագրուած հայերը ընդունող առաջին երկիրը եղաւ եւ սուրիացի ժողովուրդը իր հացն ու հայրենիքը մեզի հետ բաժնեց, որուն համար հայերը ինչպէս միշտ հաւատարիմ ու երախտապարտ եղած է պէտք է շարունակեն իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն՝՝: Վեհափառը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց հայ ժողովուրդի ազգային ներքին միասնականութեան ամրապնդումը. եւ միշտ արթուն, հեռատես ու խոհեմ ըլլալու իրենց մօտեցումներուն ու քայլերուն մէջ, հեռու մնալով զգացական ու պարագայական մօտեցումներէ կամ յայտարարութիւններէ: Նաեւ խրախուսեց աջակցելու անհրաժեշտութիւնը հայ ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներուն հանդէպ այս դժուար օրերուն:
Այս առիթով նաեւ վեհափառը եւ Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ ողջունեցին Գամիշլիի մէջ շինարարութեան ընթացքի մէջ եղող եկեղեցին իր յարակից բաժիններով. միաժամանակ անոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին շուրջ ամիս մը առաջ Դամասկոսի մէջ բացումը կատարուած Ազգային վարժարանի նոր շէնքին ու համայնքային կեդրոնին գծով:








All the contents on this site are copyrighted ©.